Uncategorized

🎁Նամակ Կաղանդ Պապային🎄

🎄Արգիշտի — Կաղանդ պապա,
Իմ այս նամակս առաջին
Քեզ կը գրեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին:
Գեորգի— Ուր ալ ըլլաս,
Պիտի անշուշտ զայն կարդաս
Եւ անհամբեր պիտի բռնես դուն կրկին
Մեր տան ծանօթ հին ուղին:
Անրի — Քեզ չեմ մոռցած,
Ինչպէ~ս կրնամ մոռնալ քեզ.
Դավիթ Մկրտչյան-  Ամէն գիշեր,երբ քնանամ, դուն յանկարծ
Մօտս կուգաս եւ կը սարքես մեծ հանդէս,
Արմեն Աղաբաբյան— Իսկ ցերեկներն ալ թէեւ
Կը հեռանաս մեր քովէն,
Կ’ըլլաս երազ, կ’ըլլաս երկինք ու արեւ,
Բայց սրտաթունդ միշտ կը լսեմ ես նորէն
Քու ոտնաձայնդ հեռուէն…
Լևոն Այվազյան -Պէտք է դուն ալ մեծ կարօտով զիս յիշես.
Քանի՞ մանչուկ ինծի պէս
Կրնաս գտնել դուն այսօր
Քու փայփայած մանուկներուդ մէջ բոլոր…
Ռոքսաննա- Մի հաւատար իմ մասին
Թռչուններու բերած այդ սուտ լուրերուն,
Հայկ Հայրիյան— Ես տիպարն եմ ամէնուն,
Հեզն ու բարին
Եւ ամենէն արժանին՝
Հրաշազան նուէրներուդ գոյնզգոյն…
Սուսաննա Գրիգորյան — Լացող տղան
Ես չեմ , պապիկ, այլ անպիտան սատանան,
Որ կը վանեմ մէջէս դուրս
Եւ կը դառնամ համակ ժպիտ, համակ լոյս: 
Մարկ- Մայրս կ’ըսէ որ այս տարի 
Քիչ մը հոգի եւ քիչ մը խելք ու շնորհ
Բերես ինծի,
Բայց չլսես դուն անոր.
Խելք ու շնորհ՝
Այնքա~ն ունիմ որ կը բաշխեմ ես ձրի…
Միքայել — Կողովիդ մէջ խորհրդաւոր
Լեցուր շուտով ինձ համար
Շաքար ու միրգ ու խաղալիք անհամար:
Մհեր Հակոբյան— Կաղանդ պապա,
Որքան կրնաս շուտ եկուր,
Ալ չեմ վախնար, ես կը սիրեմ քեզ հիմա.
Արամ Գալստյան — Դուն մի նայիր իմ բառերուս կցկտուր,
Դէմքիս գոյնին ու քայլերուս դողահար:
Դավիթ Գաբրիելյան— Հայրս կ’ըսէ՝ Մասիսն է լոկ մեծ ընծան,
Որ դուն օր մը կրնաս բերել հայ տղոց,
Որուն մէջ կայ ամէն բան-
Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ,
Սուսաննա Հակոբյան— Կրակ ու բոց,
Հսկայ շուներ պահապան,
Շղթայակապ հին քաջեր
Եւ հրեղէն նժոյգներ…
Արփի -Կաղանդ պապիկ, ես այդ Մասիսը կ’ուզեմ,
Դիր անիւներ ոտքին տակ
Ու համարձակ քշէ մեր տունը շիտակ,
Մհեր Բարսեղյան— Բեր ինձ նուէրն այդ վսեմ:
— Օ մի վախնար, չեմ կոտրեր,
Զայն կը պահեմ սրտիս դէմ՝
Իբրեւ բարի հրեշտակ
Եւ գահակալ իբրեւ հզօր բռնատէր:
Էմիլի —Աստուած պապա, Կաղանդ պապա, Տէր պապա,
Մերթ բացակայ, մերթ ներկայ,
Եվա Գրիգորյան  —Մեր քովն էք դուք եւ ամպերուն մէջ անհետ.
Ես դեռ յաճախ կը շփոթեմ իրար հետ
Ձեր կերպարանքը հսկայ.
Բայց մէջերնին դուն լաւագոյնն ես կարծեմ,
Առատաձեռն ու բարին,
Բոլորը— Ահա ինչու իմ այս նամակս առաջին
Սիրով քեզի կը ղրկեմ…🎄

Մուշեղ Իշխան

Оставьте комментарий